2013-06-11 11:34:57

Ազգային Ընդհանուր Ժողով` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ


Չորեքշաբթի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը պիտի կատարուի Ազգային ընդհանուր ժողովին: Չորսէն հինգ տարին անգամ մը գումարուող Ազգային ընդհանուր ժողովին պիտի մասնակցին թեմակալ առաջնորդները, թեմերէն աւելի քան 100 պատուիրակներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:
Ազգային ընդհանուր ժողովը պիտի տեւէ երեք օրեր: Ան պիտի սկսի վեհափառ հայրապետին պատգամով, ապա պիտի ներկայացուին ու քննարկուին Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական ու քաղաքական ժողովներուն տեղեկագիրները: Հետեւեալ վեց գլխաւոր հարցերը ժողովին քննարկումներուն մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւեն. կրօնական դաստիարակութիւն, հայեցի դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ եւ զօրակցութիւն Սուրիոյ հայութեան:
Անկախ ժողովական աշխատանքներէն, ժողովականներ ներկայ պիտի ըլլան հինգշաբթի երեկոյեան Պիքֆայայի վանքին մէջ տեղի ունենալիք դպրեվանքի ամավերջի հանդէսին ու «Հայ մօր տարուան» նուիրուած «Շնորհալի» երգչախումբին համերգին, իսկ ուրբաթ երեկոյեան` պաշտօնական ճաշկերոյթին: Շաբաթ առաւօտեան Ազգային ընդհանուր ժողովը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ հանդիպում պիտի ունենայ Լիբանանի նախագահին հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.